2011-09-05 12:39:16

Պրազիլի Տարեցներու Հովուութիւնը` Աւելի Քան 22.800 Կամաւորներու Զօրակցութեան Ցանց Մը։


Պրազիլի մէջ տարեցները, 60 տարեկանը անց, կը հաշուեն աւելի քան 22 միլիոն հոգի։ Պրազիլի եկեղեցւոյ տարեցներու հովուութիւնը, ստեղծուած՝ 2004-ին, կ'աշխատի անոնց ընկերանալ եւ անոնց տալ մարդավայել եւ անկախ ու երկար կեանք մը ապրելու կարելիութիւնը։
Տարեցներու հովուութիւնը կառոյց մը ստեղծած է, որու շնորհիւ՝ աւելի քան 22.800 կամաւորներ ամէն ամիս կ'այցելեն երկրի զանազան վայրերու մէջ 200.000 է աւելի տարեցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.